0
170

Գրող, հրապարակախոս, սփյուռքահայ գործարար Վահան Զանոյանի ելույթը Մուսալեռան հերոսամարտի 110-րդ տարեդարձին նվիրված միջոցառման ժամանակ, որին մասնակցում էին նաև Ֆրանսիայի ներկայացուցիչներ:

Գրող, հրապարակախոս, սփյուռքահայ գործարար Վահան Զանոյանի ելույթը Մուսալեռան հերոսամարտի 110-րդ տարեդարձին նվիրված միջոցառման ժամանակ, որին մասնակցում էին նաև Ֆրանսիայի ներկայացուցիչներ:
--------------------------------------------------------------------

Յարգարժան Դեսպան Պրն Olivier Decottignies,
Ֆրանսայի պատուիրակութեան յարգելի անդամներ,
Յարգելի ներկաներ,
Սիրելի հայրենակիցներ,

Թէեւ այսօր մենք հաւաքուած ենք Մուսա Լերան հերոսամարտին 110-ամյակը նշելու, ես պիտի չխօսիմ 110 տարի առաջ պատահած դէպքերուն մասին։ Կը նախընտրեմ մի քանի խօսք ըսել այդ դէպքերուն ետին ապրող մարդկային ոգիին մասին։ Այսօր, աւելի քան երբեք, այդ ոգին այժմէական նշանակութիւն ունի համայն հայ ժողովուրդին համար։

110 տարի առաջ, երկու իրարմէ անկախ հաւատքի արարքներ տեղի ունեցան որոնք փոխեցին Մուսա Լերան ժողովուրդին ճակատագիրը։ Հաւատքի արարքներ՝ որոնք խախտեցին տրամաբանութեան, օրինականութեան, խոհեմութեան եւ իրատեսութեան բոլոր նորմերն ու օրէնքները։

Առաջին արարքը կատարեց Մուսա Լերան ժողովուրդը։

Երկրորդը՝ Ֆրանսացի ծովակալ Louis Dartige du Fournet-ն։ Եթէ այս երկու արարքներէն որեւէ մէկը չպատահեր, մեզմէ շատերը այսօր գոյութիւն չէին ունենար, որովհետեւ մեր պապերը 110 տարի առաջ կոտորուած կ՚ըլլային։

Այստեղ հարց կը ծագի—թէ ի՞նչ կար այդ երկու հաւատքի արարքներուն ետին։ Երբ Մուսա Լեռցիք բարձրացան լեռ, չէին գիտեր որ Ֆրասական «Կիշեն» ռազմանաւը, Jean-Joseph Brisson-ի հրամանատարութեամբ, ամիս մը ետք պիտի յայտնուի Միջերկրականի ափին։ «Իրատես» մարդու որոշում չէր իրենց առած որոշումը։ Որեւէ չափանիշով՝ ծայրահեղ անխոհեմութիւն եւ խենթութիւն էր։

Ինչի՞ վրայ ապաւինած էին այս ափ մը լեռնցիները երբ որոշեցին չհնազանդիլ Օսմանեան կայսրութեան տեղահանութեան հրահանգին, ու բարձրանալ լեռ ։

Ի՞նչ ունէին—բացի իրենց հինցած գիւղական զէնքերէն, Մուսա լերան հետ իրենց դարերու կապէն եւ ծանօթութենէն, եւ Միջերկրական ծովու հասանելիութենէն։

Ունէին Հաւա՛տք—եւ ո՛չ միայն հոգեւոր հաւատք Աստուծոյ հանդէպ։ Շատ Աստուածավախ հայեր կոտորուեցան նոյն տարիներուն, մինչեւ իրենց վերջին շունչը կարչած մնալով իրենց հաւատքին եւ կրօնքին։ Մուսա Լեռցիք ունէին նաեւ հաւատք իրենք իրե՛նց հանդէպ։ Իրենց կարողութիւններուն հանդէպ՝ նոյնիսկ չափազանց անհաւասար պայմաններու տակ։ Ունէին վստահութիւ՛ն իրենց առած որոշումին վրայ։

Ունէին Յոյ՛ս—Այդ մի քանի հարիւր մարտիկները ամէն օր չէին կրնար այդքան անհաւասար կռուի ելլել եթէ չունենային յոյս որ իրենց ընտրած ուղին կրնայ փրկութեան տանիլ։ Եւ յոյսը կը բխեր հաւատքէն։

Ունէին Սէր—Սէր՝ իրենց արժանապատւութեան եւ համայնքին հանդէպ։ Սէր իրենց ինքնութեան հանդէպ, իրենց պատմութեան հանդէպ։ Իրենց իւրահատուկ հպարտութեան եւ խիզախութեան հանդէպ։ Եւ մանաւադ սէր իրենց ազատ մնալու եւ չստրկանալու յամառութեան հանդէպ։

Եւ, այդ բոլորին որպէս արդիւնք՝ ունէին պայքարելու կա՛մք—որ կը նշանակէ գիտակցաբար ճանչցած եւ ընտրած էին պայքարի արժանի իրենց արդար դատը։ Եւ պայքարելու կամքը կը բխեր իրենց Հաւատքէն, Յոյսէն եւ Սէրէն։

Իսկ ի՞նչ ուներ Ֆրանսացի ծովակալը։ Ուներ մարդկութիւ՛ն։ Ուներ սկզբունք։ Մարդկային արժէքներ։ Ուներ քաջութիւն։ Զինուորական կարգապահութեամբ դարբնուած մարդը քաջութիւնը ունեցաւ, յանուն իր մարդկային սկզբունքներուն, պահ մը մէկ կողմ դնել կարգապահութեան պահանջքները։

Մուսա Լերան եւ Ֆրանսայի համագործակցութիւնը վերջ չգտաւ 1915-ին։ Հոս անկարելի է չյիշել 1918-ի Արարայի ճակատամարտը եւ Ֆրանսական բանակին հրամանատարութեան ներքոյ կռուող Հայկական լեգէոնը, որը մեծաւմասամբ բաղկացած էր Մուսա Լերան մարտիկներէն։

Հայկական լեգէոնը ճակատագրական դեր խաղաց Առաջին Համաշխարհային պատերազմին աւարտին տեղի ունեցած Արարայի պատերազմին, եւ արժանացաւ դաշնակից միացեալ զինուած ուժերու հրամանատար Էդմընդ Ալլէմպիի մասնաւոր պաշտոնական գովասանքին եւ գնահատանքին։

Վերջապէս, 1939-ին, երբ Իսքանտարուն Նահանգը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ, Ֆրանսասիցք Մուսա Լերան ժողովուրդը փոխադրեցին լիբանան եւ հիմնեցին Անճար գիւղը, ուր այստեղ ներկայ եղողներէն շատերը կամ իրենց ծնողները ծնած են եւ անցուցած իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը։

1915-ի հերոսամարտը եւ 1918-ի Արարայի ճակատամարտը այն տպաւորութիւնը կը թողուն որ Մուսա Լեռցիք խիզախ մարտիկներ են միայն։ Բայց կ՚ուզեմ շեշտել որ Մուսա Լեռցիք նաեւ արուեստի, գրականութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ժողովուրդ են։ Կռիւը յաճախ պարտադրուած է իրենց ինքնապաշտպանութեան ճամբով։ Բայց պէտք չէ մոռնալ որ Մուսա Լեռցիք գրչի եւ զէնքի աւանդութիւն ունին, եւ ոչ միայն զէնքի։

Այս բոլորը յիշելէ ետք, անկարելի է չանդրադառնալ այսօրուայ իրավիճակին։ Ցաւօք՝ համաշխարհային բէմին վրայ ծովակալ du Fournet-ին քաջութեան երեւոյթը գոյութիւն չունի այսօր։ Մարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն չկայ։ Նոյնիսկ ազգային արժէքները անտեսել եւ ոտնակոխ ընելը ընդունուած ընթացակարգ կը թուի ըլլալ։ Հզոր երկիրներուն արտաքին քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի պետական անսակարկելի շահերու հիման վրայ, եւ ոչ թէ մարդկային արժէքներու վրայ։ Իսկ անզոր եւ ճարահատ ազգերն ու պետութիւնները կ՚ըստիպուին հանդուրժել ամէն ինչ որ կը պարտադրուի իրենց։ Աշխարհը լուր էր երբ Արզախը էթնիք զտման ենթարկուեցաւ, եւ հազարամյակներու այդ Հայկական Հայրենիքը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուեցաւ։ Եւ աշխարհը լուր է այսօրուայ Ղազաի ցեղասպանութեան ի դէմ։

Այս երեւոյթը նորութիւն չէ։ Մարդկային պատմութիւնը պատերազմներու պատմութիւն է։ Եղած են խաղաղ ժամանակաշրջաններ, բայց այդ ժամանակաշրջանները օգտագործուած են պատերազմի պատրաստուելու համար։ Այն պետութիւնը որ չի պատրաստուիր պատերազմի վաղ թէ ուշ անպայման կը հրաւիրէ պատերազմ։ Միայն պատերազմի լրիվ պատրաստ պետութիւնը կրնայ որոշ ժամանակ խաղաղ ապրիլ։

Հայաստանը եւ Հայ ազգը լրջագոյն ճգնաժամի մէջ եղած են 2020-ի պատերազմէն ի վեր։ Մեր ազգը, որ իր հազարմիա պատմութեան մէջ գոյաատեւած է շնորհիւ իր անխոնջ պայքարելու կամքին, այսօր կը թուի թէ կորսնցուցած է իր պայքարելու կամքը։ Հազարաւոր զոհերէն զատ, այ՛դ էր 44-օրիա պատերազմին մեր կրած մեծագոյն կորուստը։ Պատերազմին չափելի կորուստներէն վաղուց մենք մեզ վերագտած կ՚ըլլայինք եթէ պահպանած ըլայինք Մուսա Լեռցիներուն յատուկ, եւ մեր ազգին յատուկ, պայքարելու կամքը։ Այդ պարագային, դիւրութեամբ չէինք հրաժարիր մեր ազգային արժէքներէն եւ պատմական արդար իրաւունքներէն։

Մուսա Լերան հերոսամարտը ցոյց կու տայ որ ազգերու պատմութեան մէջ կան ճակատագրական պահեր, երբ միայն հաւատքի արարքները կը տանին փրկութեան։ Անսասան հաւատք՝ գերագոյն նպատակի մը հանդէպ, եւ նոյնքան անսասան վճռակամութիւն այդ նպատակը հետապնդելու, առանց սակարկելու, առանց հաշուարկելու, առանց ներքաղաքական հաշիւներու, առանց երկմտելու։ Այլընտրանքը կործանում է։

Այ՛ս է Մուսա Լերան խորհուրդը այսօր մեզի համար եւ ուրիշ ոչինչ։

Շնորհակալութիւն։

Վահան Զանոյեան
Սեպտեմբեր 21, 2025
Մուսա Լեռ Յուշահամալիր